Skip to main content

Status: Closed — this petition is no longer accepting signatures.

Վերաբացէք Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը

Վերաբացէք Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը

Closed — 87 supporters Verified

Final supporters

N
Nurel B.
D
DIKRAN C.
V
Vardan
G
George
S
Svetlana K.
C
Carolin H.
G
Gorge D.
S
Sossi k.
L
levon b.
S
Shahe K.
+77 more
SS
Started by Save Armenian Schools 9 years, 5 months ago

Կոչ Ամերիկայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անյապաղ ՎերաբանալուԱրշակ Տիգրանեան Վարժարանը




Ձեր վարչութիւնը Հոկտեմբեր 2015-ին հրապարակեց «ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը Աւարտեց Իր Առաքելութիւնը» խորագրով չարաբաստիկ յայտարարութիւնը:

Անոր բովանդակութիւնը ո՛չ միայն կը գուժեր Հայ Դպրոցի մը մահը այլ մշակութային միութեան մը համար անվայել պատճառաբանութեամբ մը կ՛արդարացներ անոր վաճառքը:

Այս չարաբաստիկ եւ միայն առեւտրական նպատակներով իրագործուած վաճառքը կատարուած էր հակառակ Հայաստանեանց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի իր կոչումին վայել գործնական առաջարկին՝ բաց պահելու Հայկական այդ կրթօճախը:

Նկատի ունենալով, որ վերոյիշեալ չարաբաստիկ հաղորդագրութիւնը կը պարունակէր նաեւ հետեւեալը. «Ա. Տիգրանեան վարժարանի փակումը չի նշանակեր վախճանը մեր կազմակերպութեանկրթական առաքելութեան։ Շուտով կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել հնարաւորութիւնները եւ յանձնարարութիւններ կատարել այնպիսի կրթական ծրագիրներու, որոնք հեռանկարներ կ՛ընծայեն Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայհամայնքներէն ներս» ապա վերոյիշեալ թուականէն երկու տարի անց ժամանակն է ձեզի հարց տալ թէ ի՞նչ եղաւ ձեր խօսքերով «աւելի հայահոծ շրջանի մը մէջ» նոր վարժարան հիմնելու խոստումը...:

Հիմնուելով, վերոյիշեալին վրայ ստորագրեալներս ձեզմէ կը պահանջենք անյապաղ վերաբանալ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանը յօգուտ հայ մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան:

Վերջապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի ոգեկոչման այս օրերուն պէտք է լաւ իմանաք, որ Հայոց հասարակաց թշնամիէն՝ Թուրքէն մեր վրէժը կը լուծենք, երբ Սփիւռքի մէջ կը պահենք հայերէն լեզուի եւ հայկական մշակոյթի ներուժը, հայկական վարժարան չի փակելով, հայ աշակերտը հայկական վարժարանին մէջ կարենալ պահելով, խօսքէն գործի անցնելով եւ ճիշդ ձեւով վարելով մեր ազնիւ բարերարներուն եւ մեր մեծանուն նախնիներուն մեզի վստահած աւանդը:

Updates

May 4, 2017

The emails are piling up and the stories about what this school meant to our families are heartbreaking. We are still pushing for answers behind the scenes.

28 Comments

J
john perron
9 years ago Featured

$8 million profit from real estate decisions over the years is by definition not a "failing" school.

D
DIKRAN KATSIKIAN
9 years ago Featured

EVERY ARMENIAN SCHOOL THAT CLOSES DOWN CONTRIBUTES TO THE DEATH OF THE DIASPORA WHICH IS AS IMPORTANT AS ARMENIA ITSELF.

P
Professor Hovhanness Pilikian
9 years ago Featured

Shutting down Armenian-language Schools for mercenary reasons is stabbing at the heart of our nation, as old as the Noah's Ark!

H
Hamo Moskofian
9 years ago Featured

A bunch of traitors headed by Antossian took the corrupt decision of this marvellous school to be shut down.we demand the re opening of Arshak Dikranian school

S
Shahe Kaloustian
9 years ago Featured

Հայակերտումը հայրենի հողի վրայ բազմապատիկ աւելի արդիւնաբեր է։ Հայկական կրթոճախները այդ նշանակակէտը ունենալ դաստիարակելով է որ իմաստ կ՛ունենան Սփիւռքի մէջ։

A
angel haddad
9 years ago Featured

I attended Armenian school for over 6 years and it was one of the most influential times of my life. I learned more than just a language.

N
Nurel Beylerian
8 years ago

Ժամանակ չկորսնցնենք... անմիջապէս բանանք Տիգրանեան վարժարանը:

G
George
9 years ago

Reopen it!!!